2016-06-21 09:03:00

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով` Հռոմի Քաղաքապետ ընտրուած է կին մը։


Առաջին անգամ Իտալիոյ մայրաքաղաքի քաղաքապետի պաշտօնին ընտրուած է` ընդդիմադիր «5 աստղերու շարժում»-ի ներկայացուցիչ 37-ամեայ Վերճինիա Ռաճի:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ կիրակի օր Հռոմի մէջ տեղի ունեցած է ընտրութիւններու 2-րդ փուլը: Իտալական պատկերասփիւռի կայանէն հրապարակուած տուեալները ցոյց կու տան, որ Ռաճի հաւաքած է ձայներու 64-68 առ հարիւրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.